«Հայերու ցեղասպանութիւն» եզրոյթին պատճառով փակուած ռատիոկայանը դիմած է Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան

  • by Editbeglari, July 31, 2026 in Լուրեր
119 դիտում

Թուրքիոյ մէջ գործող «Açık Radyo» ռատիօ կայանը դիմած է Սահմանադրական դատարան՝ բողոքարկելով իր հեռարձակման արտօնագրի չեղարկման որոշումը։ Արտօնագիրը ուժը կորսնցուցած էր այն բանէն ետք, երբ ռատիօ հաղորդման հիւրերէն մէկը գործածած էր «Հայերու ցեղասպանութիւն» եզրոյթը։

Ռատիօ կայանի ղեկավարութեան գնահատմամբ՝ տեղի ունեցածը խօսքի եւ արտայայտութեան ազատութեան, ինչպէս նաեւ հանրութեան՝ տեղեկութիւն ստանալու իրաւունքին կոպիտ խախտում մըն է։ «Açık Radyo»-ն յայտարարած է, որ պիտի շարունակէ իրաւական պայքարը՝ պաշտպանելու ազատ եւ անկախ լրատուամիջոցներու գործունէութիւնը։