Արեւելեան Հայաստանի գործադիր մարմնի անդամ Տիգրան Աբրահամեանի ֆէյսպուքեան գրառումէն․
«Նոյնիսկ մէկ ատրպէյճանցիի սահմանը հատելն ու հայկական բնակավայրերուն մէջ յայտնուիլը, առաւել եւս՝ քաղաքացիական անձերուն վնասելը, բաւարար է Արեւելեան Հայաստանի ներքին եւ արտաքին անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ անոր հաստատութիւններուն իրական վիճակին մասին եզրակացութիւն կազմելու համար։
Ամէնօրեայ դրութեամբ աժան քարոզչութեան վերածուած «պունքերները», «ամրոցները», աստիճանակարգուած տեսահսկողութեան համակարգերը, սահմանագիծին զանազան գովազդուած ծրագիրներով ներգրաւուած անձնակազմը չեն կրցած արձանագրել ատրպէյճանցիին սահմանին յայտնուիլը, սահմանը հատելն ու թիկունքին մէջ «վոյաժներ» կազմակերպելը։
Մինչդեռ Պաքուէն փոխանցուած տեղեկութեան պայմաններուն մէջ ատրպէյճանցի զինծառայողին արձանագրումը տեղի ունեցած է ոչ թէ յատուկ գործողութեան կամ գործողութիւններու կազմակերպման, այլ քաղաքացիական անձի եւ անոր անչափահաս երեխաներուն հետ տեղի ունեցած միջադէպի հետեւանքով։
Ասիկա միլիառաւոր գումարներու վատնումի եւ ուժային համակարգը ներքաղաքական հարցերուն մէջ կեդրոնացնելու դառն հետեւանքն է»։
