«Հայկական ժառանգութեան ոչնչացմանը զուգահեռ Բաքուն կը վարէ նաեւ Արցախի իսլամացման քաղաքականութիւն» 

  • by Editbeglari, August 20, 2024 in Լուրեր
349 դիտում

Ուղիղ 11 ամիս առաջ թիւրք-ատրպէյճանական ոյժերը լայնածաւալ պատերազմ սկսեցին շրջափակուած եւ հումանիտար ճգնաժամի մէջ գտնուող Արցախին դէմ, ինչին հետեւանքով բռնազաւթուեցաւ եւ հայաթափուեցաւ Արցախին Հանրապետութիւնը: Պատերազմին ընթացքը ատրպէյճանական ոյժերը հարուածեցին քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն եւ իրականացուցին մարդկութեան դէմ ծանր յանցագործութիւններ:

Արցախի ամբողջական հայաթափումէն եւ ժամանակաւոր բռնազաւթումէն ետք, Բաքուն կ՚ոչնչացնէ եւ կը իւրացնէ հայկական պատմամշակութային արժէքներ, կաւերէ բնակավայրեր եւ թաղամասեր: Օրինակ, Չարեքտարի վանքը ենթարկուեցաւ ատրպէյճանական վանդալիզմին, քանդուեցան բազմաթիվ պատմամշակութային յուշարձաններու քով ցուցանակներ, Ստեփանակերտի մոտ գտնուող խաչը տապալուեցաւ, Մարտակերտի Վանք գիւղին մէջ ավտոմեքենաներու համարանիշներու պատը քանդուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահին հրամանով եւ այլն:

Այս ցանկը ամբողջական չէ եւ կ՚աճէ երկչափական պրոգրեսիայով`ամէն վայրկեան արձանագրուելով վանդալիզմին նօրանօր դէպքեր: Եւ աս ամէնը քրիստոնեա աշխարհին աչքին առաջ: Հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան իւրացման եւ ոչնչացմանը զուգահեռ Բաքուի ղեկավարութիւնը կը վարէ նաեւ Արցախի իսլամացման քաղաքականութիւն: Հայկական լեռնաշխարհին մշակութային ժառանգութեան օմբուդսմէն: