ԱԺ-ի «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Ֆարմանեան խորհրդարանին մէջ Աշխատանքի եւ բարեկեցութեան փոխնախարարին կոչ ուղղած է արցախցիներուն մասին խօսելու ընթացքին «տեղահանուած» բառին փոխարէն օգտագործելու «բռնի տեղահանուած» ձեւակերպումը։
Պատգամաւորին խօսքով՝ «բռնի» բառին բացակայութիւնը կրնայ մտահոգիչ հարցեր յառաջացնել։ «Բռնի բառը չնշելով՝ կրնամ ենթադրել, որ թերեւս նոր տեղահանման վտանգներ ի յայտ եկած են, օրինակ՝ Տիգրանաշէնը ատրպէյճանական տարածք կը համարէք», յայտարարած է Ֆարմանեան՝ հարցականի տակ դնելով Հայաստանի տարածքային պատկանելիութեան վերաբերեալ հնարաւոր մօտեցումները։
