2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին Պաքուն, Թուրքիոյ աջակցութեամբ, լայնածաւալ պատերազմ սանձազերծեց Արցախի դէմ։ Պատերազմի առաջին իսկ օրերէն թիրախաւորուեցան քաղաքացիական բնակչութիւնը եւ կենսական ենթակառոյցները։ Հրթիռակոծուեցան քաղաքներ ու գիւղեր, հիւանդանոցներ, դպրոցներ, մանկապարտէզներ եւ մշակութային կառոյցներ։
2020 թուականի Հոկտեմբեր 8-ին երկու անգամ հարուած հասցուեցաւ Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցիին, որուն հետեւանքով վիրաւորուեցան նաեւ միջազգային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ։
Պատերազմէն ետք Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ մնացին շուրջ 1500 հայկական պատմամշակութային յուշարձաններ, ներառեալ՝ 61 վանք ու եկեղեցի, 591 խաչքար, հնավայրեր, բերդեր, սրբավայրեր, թանգարաններ եւ այլ արժէքներ։ Անոնք Արցախի հայկական պատմական, հոգեւոր եւ մշակութային ներկայութեան կարեւոր վկայութիւններն են։
2022 թուականի Դեկտեմբերին Բերձորի միջանցքի փակումը խորացուց Արցախի մարդասիրական ճգնաժամը, իսկ 2023 թուականի Սեպտեմբերին Պաքուի ռազմական գործողութիւններէն ետք ամբողջ Արցախը անցաւ Պաքուի վերահսկողութեան տակ, եւ արցախահայութիւնը բռնի տեղահանուեցաւ իր հայրենիքէն։
Անոր յաջորդեց հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ համակարգուած քաղաքականութիւն մը․ կը քանդուին, կը պղծուին եւ կ՚իւրացուին եկեղեցիներ, վանքեր, խաչքարեր, գերեզմաններ, յուշարձաններ եւ հայկական պատմական ներկայութիւնը վկայող այլ կառոյցներ։ Միաժամանակ կը կատարուին հայկական տեղանուններու եւ պատմական հետքերու վերացման ու պատմութեան վերաշարադրման փորձեր։
Միջազգային իրաւունքը կը նախատեսէ պատերազմական եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած ծանր յանցագործութիւններու նկատմամբ վաղեմութեան ժամկէտի չկիրառում։ Ուստի Արցախի հայկական բնակչութեան եւ մշակութային ժառանգութեան դէմ իրականացուած գործողութիւններու փաստագրումը, անոնց իրաւական գնահատականը եւ պատասխանատուութեան ապահովումը կը շարունակեն մնալ կարեւոր խնդիրներ։
