Հանիյէ Մողանի․ «Արցախահայերը իրենց հայրենիքէն տեղահանելը կը հակասէ բնիկ ժողովուրդներու հիմնարար իրաւունքներուն» 

  • by WesternArmenia, October 17, 2026 in Լուրեր
104 դիտում

Երեւանի մէջ տեղի ունեցող «Պետական պահպանութեան տարածքներէն անդին» խորագրով «Երեւանի բնապահպանական գիտաժողով 2026»-ի ծիրէն ներս, Իրանի Կայուն զարգացման եւ շրջակայ միջավայրի կեդրոնի աւագ իրաւախորհրդատու, բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպան Հանիյէ Մողանի անդրադարձած է արցախահայութեան բռնի տեղահանութեան՝ ընդգծելով անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը։

«Մեր տեսանկիւնէն՝ անոնք այդ տարածքի բնիկ ժողովուրդն են։ Զանոնք իրենց հայրենի տարածքներէն տեղահանելը կը հակասէ բնիկ ժողովուրդներու հիմնարար իրաւունքներէն մէկուն», նշած է ան՝ յղում կատարելով ՄԱԿ-ի Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու հռչակագիրին, որ կը ներառէ նաեւ իրենց հողերուն, տարածքներուն եւ բնական պաշարներուն նկատմամբ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքները։

Մողանի իրանցի ժողովուրդին անունով անկեղծ ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն յայտնած է արցախահայութեան՝ ընդգծելով նաեւ կենսաբազմազանութեան պահպանման կարեւորութիւնը։ Անոր համաձայն՝ էկոհամակարգերու հարստութեան եւ կենսաբազմազանութեան կորուստը կը վտանգէ ոչ միայն բնութիւնը, այլեւ բնիկ ժողովուրդներու եւ տեղական համայնքներու կենսապայմանները։

Իրաւապաշտպանը կարեւորած է միջազգային բնապահպանական միջոցառումներու, ներառեալ COP17-ի ծիրէն ներս ընդունուող որոշումները՝ շեշտելով, որ անոնց հետեւանքները ուղղակիօրէն կը կրեն բնիկ ժողովուրդներն ու տեղական համայնքները։