ՀԲԸՄ նախագահը կոչ է ըրած ԱՄՆ-ին հասնիլ Ատրպէյճանին մէջ ապօրինաբար կալանաւորուած Արցախի բանտարկեալներու ազատ արձակմանը

  • by Editbeglari, August 26, 2024 in Լուրեր
240 դիտում

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախագահ Պերճ Սեդրակեան դիմած է ԱՄՆ պետքարտուղար Էնթոնի Բլինքենին՝ Ատրպէյճանին մէջ ապօրինի պահուող հայ բանտարկեալներու եւ, մասնաւորապէս, Արցախի Հանրապետութեան նախկին ղեկավարութեան ազատ արձակմանը հասնելու կոչով։

ՀԲԸՄ-ի կայքին մէջ հրապարակած իր նամակին մէջ կազմակերպութեան ղեկավարը յիշեցուցած է Էնթոնի Բլինքենին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին ուղղուած իր իսկ կոչը՝ պահպանիլ միջազգային եւ մարդու իրաւունքներու իր պարտաւորութիւնները եւ յնարաւորինս շուտ ազատ արձակիլ բոլոր անարդարացիօրէն կալանաւորուածներուն՝ Բաքուին մէջ կայանալիք COP29 կլիմայական համաժողովէն առաջ:

«Ես կը խօսիմ ՀԲԸՄ-ի բազմաթիվ եւ բազմազան անդամներու անունէն ամբողջ աշխարհին մէջ, բայց յատկապէս ԱՄՆ-ին մէջ, երբ կ՚ըսեմ, որ մենք աւելի ու աւելի կ՚անհանգստանանք, որ ձեր խօսքերն ուշադրութեան չեն արժանացած եւ շարունակելու են անտեսուիլ:

Կարեւոր է նշիլ, որ մենք որեւէ լուր չենք լսէր հայ բանտարկեալներու մօտալուտ ազատ արձակման մասին, այդ թիվը՝ Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) կառավարութեան նախկին ութ անդամներու, որոնք ձերբակալուած են, երբ անցած սեպտեմբերին ատրպէյճանական զինոյժին հարձակումէն ետք փորձած են աւելի քան 120․000 հայերու հետ միասին լքել երկիրը։ Մէկ օրուան մէջ ձերբակալուած են հանրապետութեան երեք նախկին նախագահները՝ Արայիկ Յարութիւնեան, Բակո Սահակեան, Արկադի Ղուկասեան, ինչպէս նաեւ այլ նախկին պաշտօնեաներ՝ Դաւիթ Բաբայեան, Լեւոն Մնացականեան, Դաւիթ Իշխանեան եւ Դաւիթ Մանուկեան։ Եւ աս բացի նախկին պետնախարար, ՀԲԸՄ վարչութեան նախկին անդամ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ միջազգային մարդասիրական նպատակներու համար շատ բան ըրած առաջատար բարերար Ռուպէն Վարդանեանէն»,- իր նամակին մէջ ընդգծած է Պերճ Սեդրակեան։

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդը կը միանայ նախագահ Պերճ Սեդրակեանին՝ բոլոր հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման մոտեցումներուն։