Լիբանանեան աղբիւրներու համաձայն՝ «Հեզպոլլահ» շարժումը իր յատուկ մարտիկները վերադարձուցած է Հարաւային Լիբանան՝ դիմակայելու իսրայէլեան բանակին։ Խօսքը յատկապէս շարժումին յայտնի յատուկ ստորաբաժանումին՝ (Radwan Force)-ի մասին է։
Աղբիւրներու տուեալներով՝ այդ մարտիկները տեղափոխուած են սահմանային շրջաններ՝ փորձելով կանգնեցնել իսրայէլեան զրահատանկերու առաջխաղացումը, յատկապէս Խիյամ քաղաքի մերձակայքին մէջ։
Իսրայէլեան բանակը շարունակած է ուժգին հարուածներ հասցնել Լիբանանի հարաւային շրջաններուն եւ աւելցուցած է իր զինուորական ներկայութիւնը սահմանային գօտիին մէջ։ Կան նաեւ տեղեկութիւններ հակատանկային հարուածներու, ինչպէս նաեւ հրթիռներու եւ անօդաչու սարքերու կիրառման մասին։
«Հեզպոլլահ»-ի առաջնորդ Նայիմ Քասեմ յայտարարած է, որ շարժումը կը վարէ «գոյաբանական պաշտպանութիւն»՝ դիմակայելով այն, ինչ ան կոչած է Իսրայէլի «բռնագրաւման եւ ընդարձակման ծրագիր»։
Յիշեցնենք, որ 2024 թուականի պատերազմէն ետք «Հեզպոլլահ»-ի ուժերը դուրս եկած էին Իսրայէլի սահմանին մօտ գտնուող տարածքներէն եւ տեղափոխուած Լիթանի գետէն հիւսիս։ Սակայն տարածաշրջանին մէջ նոր ռազմական լարուածութեան պայմաններուն մէջ անոնք կրկին վերադարձած են սահմանային շրջաններ։
