Բաքուն երկիր մըն է, որը չի հարգէր մարդու իրաւունքներն ու միջազգային իրաւունքը: Այդ երկիրը 100 միաւորէն ընդամէնը 7 ողորմելի միաւոր ունէ Freedom House կազմակերպութեան կողմէն։ Իր յօդուածին մէջ ասանկ է արտայայտուած ՄԱԿ-ի «Գլոբալ կոմպակտ» պայմանագիրին նախկին փոխնախագահ Փոլ Փոլման։ Յօդուածը հրապարակուած է բրիտանական Еxpress պարբերականին մէջ։
Ան նշած է, որ 2003էն ի վեր, երբ Իլհամ Ալիեւ հորէն ժառանգած է նախագահին աթոռը, այդ երկրին մէջ կոռուպցիան առաւել ծաղկեց, քաղաքացիական ազատութիւնները ոչնչացուեցան եւ քաղաքական ընդդիմութիւնը ջախջախուեցաւ՝ չթողնելով ազատ արտայայտման կամ քաղաքացիական ակտիվութեան որեւէ հնարավորություն։
«Լրագրողները կ՚ենթարկուին հետապնդման, շանտաժի եւ կաշառելու փորձերու. եթէ կը դիմադրեն, ապա կը յայտնուին բանտին մէջ։ Անոնք, ովքեր կը լքեն երկիրը, անոնց ընտանիքներն կ՚ենթարկուին յալածանքներու»,- գրած է յօդուածին մէջ:
Կը շարունակէ՝ տասը ամիս տեւած լիակատար շրջափակումէն ետք, ինչին հետեւանքով տեղի բնակչութեանը զրկուած էր սնունդէն, վառելիքէն եւ առաջին անհրաժեշտութեան բժշկական պարագաներէն, Բաքուն ստիպած է աւելի քան 100 հազար հայերու լքիլ իրենց տուները: Շատերն այն անուանած են ցեղասպանութիւն:
Կ՚ընդգծէ, որ Բաքուի սանձազերծած ագրեսիայէն ընդամէնը մեկ տարի անց՝ այս տարուա Ն՝ոյեմբերին, այդ երկիրը կը պատրաստուի իր մայրաքաղաքին մէջ հիւրընկալելու Կլիմային փոփոխութեանը նուիրուած ՄԱԿ-ի COP29 գագաթնաժողովը: Այն, որ Բաքուն ընտրուած է որպէս հիւրընկալող քաղաք, ըստ Փոլ Փոլմանի, արդեն իսկ խիստ վիճելի է, քանի որ այդ երկրին ՀՆԱ-ի գրեթէ կէսը եւ արտահանման եկամուտին 90 տոկոսը կը ձեւաւորուի նաւթի եւ գազի արդյունահանումէն: Կը շեշտէ, որ երկրին նախագահը որեւէ լուրջ շահագրգռուածութիւն չունէ կլիմային փոփոխութեան դէմ պայքարին կամ արտանետումներու կրճատման հարցերու մէջ:
«Այդ երկրին կառավարութեան ներկայացուցիչները կը պնդեն, թէ կը ցանկնան, որ այս գագաթնաժողովը ըլլայ «Խաղաղութեան գագաթնաժողով»։ Եւ աս այն պարագային, երբ դեռ մէկ տարի ալ չկայ, ինչ ներխուժած են հարեւան երկիր եւ դեռ չեն հասած արդար խաղաղութեան համաձայնագիրին ընդունմանը եւ ոչ ալ իրական մտադրութիւն են ցուցաբերած այդ ուղղութեամբ շարժուելու համար»,- նշուած է յօդուածին մէջ։
Անոր խօսքով՝ աշխարհին մէջ աւելի ու աւելի շատ կառավարութիւններ իրենց զայրոյթն կ՚արտայայտեն Բաքուի պահուածքի վերաբերեալ։ Ան յոյս ունէ, որ Մեծ Բրիտանիոյ նորանշանակ արտգործնախարար Դեվիդ Լեմմին եւս իր ձայնը կաւելցնէ այս աւելացող «ձայներուն»՝ հաշուի առնելով մարդու իրաւունքներու հանդէպ իր հանձնառութիւնը:
Վերջը Փոլ Փոլման կ՚ընդգծէ, որ ՄԱԿ-ը պետք է Բաքուէն պահանջէ ազատ արձակիլ բոլոր հայ բանտարկեալներուն մինչեւ COP29 գագաթնաժողովը, ինչպէս նաեւ վերանայի ապագա հիւրընկալ երկրներու ընտրութեան կարգը։
