Մասիս եւ ֆրանսական Էքս ան Պրովանս դարձան քոյր քաղաքներ 

  • by Editbeglari, September 27, 2024 in Լուրեր
305 դիտում

Մասիս խոշորացուած համայնքին եւ ֆրանսական Էքս ան Պրովանս քաղաքին միջեւ ստորագրուած է համաձայնագիր՝ քոյր քաղաքներ դառնալու մասին:

Հիմք ընդունելով 1992թ․-ի 24 Փետրուար Ֆրանսայի եւ Հայաստանին միջեւ պաշտօնական դիվանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը, ինչպէս նաեւ երկու համայնքներու միջեւ ձեւաւորուած ջերմ, բարեկամական կապերը, եւ ցանկնալով ամրապնդիլ այդ կապերը՝ հաստատելով ամուր յարաբերութիւններ եւ համագործակցային գործողութիւններ, երկու կողմերը համաձայնեցին. Առաջնորդուելով արդարութեան եւ անաչառութեան սկզբունքներով՝ յարաբերութիւններու խորացման նպատակաւ, Էքս ան Պրովանս քաղաքը եւ Մասիս խոշորացուած համայնքը կը պարտաւորուին՝ խրախուսիլ եւ զարգացնիլ փորձին փոխանակումը եւ իրագործիլ համատեղ ծրագրեր՝ ի շահ տեղական զարգացման, մասնաւորապէս, երիտասարդութեան եւ կրթութեան, մշակոյթի, համերաշխութեան, կաիւնութեան, տնտեսութեան, նորարարական տեխնոլոգիաներու անվտանգութեան եւ սպորտին ոլորտներու մէջ՝ համապատասխան մեր երկու երկրներու միջեւ հաստատուած յարաբերութիւններու։

Համաձայնագիրը ստորագրող կողմերը կխրախուսեն նաեւ, որպէսզի գործընկերային, բարեկամական կապեր զարգանան նաեւ երկու համայնքներու քաղաքացիներու միջեւ։