Արեւելեան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէն անհետացած է «Արտաքին քաղաքականութիւն» բաժնի բովանդակութիւնը։ Այս մասին օրերս Ֆէյսպուքի իր էջին գրած էր Անվտանգութեան վերլուծութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող, պատմաբան-միջազգայնագէտ Էդուարդ Աբրահամեան։
Ան նշած էր, որ բազմիցս յղում կատարած է այդ բաժնին մէջ հրապարակուած պաշտօնական ձեւակերպումներուն՝ իր ակադեմական հետազօտութիւններուն, ներառեալ 2025 թուականին Routledge հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայուած Small States, Russia and the West գիրքին վրայ աշխատելու ընթացքին։ Աբրահամեանի կարծիքով՝ նիւթերը պէտք էր արխիւացուէին, այլ ոչ թէ հեռացուէին՝ հանրութիւնը զրկելով Արեւելեան Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ պաշտօնական փաստաթուղթերէն։
Տեղեկատուական անվտանգութեան փորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեան եւս մտահոգութիւն յայտնած էր՝ նշելով, որ տարիներ առաջ կանխատեսած էր Ապրիլեան պատերազմի մասին նիւթերու անհետացման վտանգը, իսկ այժմ, իր գնահատմամբ, խնդիրը կը վերաբերի Արցախի պատմութեան շատ աւելի ընդարձակ հատուածի մը։
Արցախի Ազգային ժողովի «Արդարութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեան տեղի ունեցածը կապած է Արցախի անուան եւ պատմական յիշողութեան վերացման ուղղուած գործընթացներուն հետ։ 168.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին ան կարծիք յայտնած է, որ Արեւելեան Հայաստանի իշխանութիւններուն գործողութիւնները կրնան կապուած ըլլալ Ատրպէյճանի պահանջներուն հետ։ Ան նաեւ նշած է, որ Արցախի ներկայացուցչական կառոյցներուն նկատմամբ ճնշումները եւ Արցախի դրօշը հեռացնելու դէպքերը մտահոգիչ են։
Յակոբեանի խօսքով՝ վտանգուած են նաեւ Արցախի փրկուած մշակութային արժէքներն ու պատմական արխիւները։ Անոնց պահպանման համար անհրաժեշտ են համապատասխան տարածքներ, համակարգուած աշխատանք եւ պատասխանատու կառոյցներու ներգրաւուածութիւն։ Ան ընդգծած է, որ ներկայիս յստակ տեղեկութիւններ չկան նոյնիսկ Արցախի Հանրային հեռուստատեսութեան արխիւին ամբողջականութեան եւ պահպանման վիճակին մասին։
Արցախի պատմական ժառանգութեան պահպանման հարցը կը շարունակէ հրատապ մնալ։ Պաշտօնական փաստաթուղթերու, պատմական նիւթերու եւ մշակութային արժէքներու համակարգուած արխիւացումը անհրաժեշտ է ոչ միայն անցեալի ուսումնասիրութեան, այլեւ պատմական յիշողութեան պահպանման համար։
