Մեկուսացած Արցախը կուլ կ՚երթար՝ աշխարհէն կտրուած, չար աշխարհի հայեացքին ներքոյ․ «Հայեացք Երեւանէն» 

  • by Editbeglari, September 26, 2026 in Լուրեր
75 դիտում

Արցախի մէջ 2023-ի մեր Սեպտեմբեր 20-ն էր։ Մեքենան, որով դուրս եկանք, կը վարէր թոռնիկս։ Աչքիս ան վայրկեաններով աճեցաւ, ժամերով մեծցաւ։ Հայրը դիրքերուն մէջ էր։ Շտապ հօր մեքենային ղեկը ձեռքն առաւ, բայց մեր մտքէն չանցաւ, որ քաղաքէն դուրս պիտի գանք։

Հարազատ մարդիկ, որոնց ուղեկցութեամբ եւ առաջարկ-խորհուրդներով ան մեքենայով հետեւեցաւ անոնց, եւ շուտով Մարտակերտը մնաց մեր ետեւը։ Բայց դէպի ո՞ւր, մենք ալ չէինք գիտեր։ Նախապէս շրջանի գիւղերէն մէկը նկատի ունեցած էինք, բայց շուտով ուղին փոխուեցաւ դէպի Ստեփանակերտ։

Անցանք այն զրահամեքենային կողքով, որ կրակահերթ բացած էր։ Յետոյ տեղեկացանք, որ մեր զրահամեքենայի վարորդն էր, որ անտառ մտած թշնամիներուն ուղղութեամբ կը կրակէր։ Արդէն մէկ ժամ անց տեղեկացանք, որ շրջանի վերեւի գիւղերը տանող անտառամիջեան ճանապարհը թշնամին իր վերահսկողութեան տակ առած է։ Ուրեմն՝ հասցուցինք դուրս գալ եւ բռնել Ստեփանակերտ տանող ճանապարհը։

Զանազան լուրերը կը խեղաթիւրէին մեր մտքերը, որոնք մռայլ ու գուժաբեր էին՝ «այսինչի որդին զոհուած է», «այսքան վիրաւոր ունինք», «տղաները շրջափակման մէջ են», «այսքան գիւղեր դատարկուած են»… Ու խցանուած ճանապարհներ, դատարկուած գիւղերու բնակիչներ՝ կոտրուած, ջարդուած, ճղակոտոր, որոնք տուն-տեղ թողած՝ չէին գիտեր ուր երթալ։ Ճանապարհը կ’երկարէր։

Անտառամիջեան ճանապարհին կանգնած զինուորականներ, որոնց երբեմն կը կասկածիս՝ իսկ եթէ մերոնք չե՞ն… Ու կարծես բախտերնիս կը բերէ, որ «հանգիստ» կ՚անցնինք անոնց քովէն եւ կը հասկնանք, որ անոնք մեր ճանապարհը կը պաշտպանեն։ Ու զոհերու, անյայտ կորսուածներու, վիրաւորներու անուններ կ՚աւելնան։ Եւ գիւղեր, որոնց վրայ թշնամիին դրօշը կը ծածանի։

Անջատուած հեռախօսներ ձեռքներուս՝ կապի միջոցներէն կտրուած։ Մեկուսացած Արցախը կուլ կ՚երթար՝ աշխարհէն կտրուած, չար աշխարհի հայեացքին ներքոյ։

Իվանեան օդակայան։ Ռուս խաղաղապահներու տեղակայման կէտ։ Հազարաւորներ՝ տարբեր գիւղերէն, քաղաքներէն։ Թէ ինչո՞ւ հոն կեդրոնացաւ բռնատեղահանուած ժողովուրդը, դեռ անհասկնալի էր։ Միայն տեսանելի էր, որ իրենց տարածքին մէջ տեղաւորած են քանի մը հարիւրը, բայց հազարաւորներ բաց երկնքի տակ էին՝ անորոշ, անհեռանկար ճակատագրով։ Գոնէ մխիթարիչ էր, որ հոն հրետակոծութիւն պիտի չըլլար, հակառակ անոր որ ներսը տեղ չկար։

«Քաշենի հանքավայրին մէջ թշնամին է», օր մը առաջ արձագանգ կու տար գոյժը։ Ու կը շարունակուէին մէկը միւսին յաջորդող ցաւալի լուրերը՝ «Մարտակերտ մտնող դիրքերու տղոցմէ լուր չունինք», «Վիրաւորներէն քանի մը հոգի փրկուած են, միւսներուն մասին տեղեկութիւն չկայ», «Տղաները դիրքերուն մէջ են, չեն կրնար իջնել»։

Մեքենաներ, որոնք խցանուած կանգնած են, եւ Ստեփանակերտ հասնիլը անվերջ կը դառնայ։ Ճանապարհի աջ ու ձախ կողմերուն կանաչութեան մէջ նստոտած տեղահանուածներ, տարբեր բեռներ քարշ տուող մարդիկ, մեծէն փոքր խումբ-խումբ կանգնածներ, փոքրիկ կրակի օճախներ, սովէն լացող երեխաներ, յուզուած, արտասուախառն մեծեր…

Նատաշա Պօղոսեան