Քանի մը օր առաջ քաղհասարակութեան ներկայացուցիչներն առցանց զրուցած են Միջազգային քրեական դատարանին դատախազ Լուիս Մորենո Օկամպոյին հետ, ով նշած է ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան մասին համաձայնագիրին կարեւորութիւնը եւ միջազգային հանրութեան պարտաւորութիւնը՝ արձագանքելու Արցախին մէջ ցեղասպանութեան ռիսկին։ Օկամպո խորհուրդ է տուած արցախցիներուն ըլլալ աւելի ակտիվ եւ ոչ թէ սպասիլ, որ այլ մարդիկ իրենց փոխարէն հանդէս գան: Ան ընդգծած է, որ այժմ աշխարհը փոխուած է, եւ պետք է շարունակաբար բարձրաձայնիլ Արցախին հարցը միջազգային ատեաններու մէջ։
Օկամպո նաեւ շեշտած է, որ պետք է կիրառիլ «Ցեղասպանութիւն» բառը, քանի որ այդ տերմինը կրնայ ստիպիլ միջազգային հանրութեանը պատասխանատւութեան ենթարկիլ Բաքուին։ Ան առաջարկած է, որ արցախցիները, ըստ անհրաժեշտութեան, դիմեն միջազգային ատեաններուն։
Գերիներու հարցն ալ քննարկուած է որպէս արցախցիներու ընդհանուր խնդիր: Օկամպո առաջարկած է, որ գերիներուն հարցը պետք է ընդգրկուի նաեւ միջազգային ատեաններու մէջ, ինչպէս նաեւ պետք է ակտիվ պահիլ Արցախ վերադարձին հարցը։ Ան նշած է, որ Արցախին վերադարձը պետք է ըլլայ առանցքային թեմա, սակայն ատ հարցը պետք է մանրամասն քննարկուի նոր հանդիպումներու ընթացքը։
Հանդիպումը տեւած է մօտ 2 ժամ, եւ կը պլանաւորուի նոր հանդիպում, որու ընթացքը աւելի խորացուած քննարկումներ կարուեն։
