Մետաքսէ Յակոբեան․ «Արցախը պէտք չէ դառնայ բանակցային մանրադրամ» 

  • by WesternArmenia, October 10, 2026 in Լուրեր
101 դիտում

Արցախի Ազգային ժողովի «Արդարութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեան իր դիմատետրի գրառման մէջ քննադատած է Հայաստանի իշխանութիւններուն մօտեցումները՝ անդրադառնալով միջազգային յայտարարութիւններուն եւ Թուրքմենպաշիի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն։

Յակոբեանի ուշադրութեան կեդրոնին յայտնուած է նաեւ Հայաստանի վարչապետին այցելութիւնը ատրպէյճանական տաղաւար, ուր ներկայացուած է այսպէս կոչուած «Ղարաբաղի տուն» ցուցադրութիւնը։ Պատգամաւորին գնահատմամբ՝ այս քայլը մտահոգիչ է այն պայմաններուն մէջ, երբ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու վերադարձի իրաւունքը տակաւին չէ իրականացուած, իսկ Պաքուի մէջ պահուող հայերու ազատ արձակման հարցը կը մնայ չլուծուած։

Յակոբեան ընդգծած է, որ խաղաղութեան գործընթացը պէտք է դիտարկել նաեւ արցախահայութեան իրաւունքներու, հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ Հայաստանի ազգային շահերու պաշտպանութեան տեսանկիւնէն։