Մետաքսէ Յակոբեան․ «Գանձասարի շուրջ ատրպէյճանական քարոզչութիւնը հայկական կողմի լռութեան հետեւանքն է»

  • by Editbeglari, September 14, 2026 in Լուրեր
102 դիտում

Արցախի ԱԺ «Արդարութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեան անդրադարձած է օտարերկրեայ դիւանագէտներու՝ Գանձասար եւ Դադիվանք կատարած այցելութիւններուն՝ զանոնք որակելով ատրպէյճանական քարոզչութեան հերթական դրսեւորում։

Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հայկական ժառանգութեան «աղուանականացման» փորձերուն կը նպաստէ հայկական կողմի լռութիւնը։ «Իրենք կրնան տարբեր մեկնաբանութիւններ տալ, բայց մեկնաբանութիւնը մէկ է՝ իրենք վախկոտ են», նշած է Յակոբեան՝ քննադատելով Հայաստանի իշխանութիւններուն դիրքորոշումը։

Պատգամաւորը շեշտած է, որ ստեղծուած իրավիճակը պէտք չէ դիտարկել որպէս վերջնական։ Անոր խօսքով՝ անհրաժեշտ է շարունակել պայքարը Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման համար՝ նաեւ միջազգային հարթակներու մէջ։