Մետաքսէ Յակոբեան․ «Մենք տուն պիտի վերադառնանք»

  • by Editbeglari, March 09, 2026 in Լուրեր
124 դիտում

Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեան յայտարարած է, որ բռնի տեղահանուած արցախցիները երբեք պիտի չհրաժարին հայրենիք վերադառնալու իրենց իրաւունքէն։ Անոր խօսքով՝ որեւէ իշխանութիւն չի կրնար ստիպել արցախցիներուն մոռնալ Արցախի հարցը կամ հրաժարիլ իրենց արդար պահանջներէն։

Յակոբեան ընդգծած է, որ կատարուածին պատասխանատուները անխուսափելիօրէն պիտի ենթարկուին պատասխանատուութեան՝ թէ մարդկային, թէ ալ բարոյական օրէնքներու առաջ։

Ան նշած է, որ արցախցիներուն համար կայ մէկ անփոփոխ նպատակ՝ վերադարձ հայրենի բնօրրան։

«Որքան ալ փորձեն մեզի պարտադրել մոռացութիւն, հաշտութիւն կամ լռութիւն՝ ասիկա չի փոխեր ո՛չ մեր յիշողութիւնը, ո՛չ մեր կամքը, ոչ ալ մեր ճանապարհը։ Մենք տուն պիտի վերադառնանք»,— ըսած է պատգամաւորը։

Անոր խօսքով՝ Արցախի ժողովուրդի պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ արդարութեան վերականգնումը եւ հայրենիք վերադարձը։