«Կենսաբազմազանութեան պաշտպանութիւն՝ առանց մարդու իրաւունքներու եւ արդարութեան» քաղաքացիական նախաձեռնութեան ներկայացուցիչները նամակներ յղած են Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանատուներուն՝ կոչ ընելով միջազգային քննարկումներուն բարձրացնել Արցախի բռնի տեղահանուած հայութեան իրաւունքներու հարցը։
Նախաձեռնութեան անդամները այցելած են շարք մը դեսպանատուներ՝ նամակները յանձնելու եւ արցախահայութեան՝ պատմական հայրենիք անվտանգ, կամաւոր եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքին, ինչպէս նաեւ հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պահպանման աջակցելու կոչ ընելու համար։
Դիմումներուն մէջ ընդգծուած են նաեւ Արցախի բնական պաշարներու, անտառներու, ջրային աղբիւրներու եւ կենսաբազմազանութեան պաշտպանութեան, շրջակայ միջավայրին հասցուած վնասներու անկախ գնահատման եւ միջազգային իրաւունքի խախտումներու քննութեան անհրաժեշտութիւնը։ Նախաձեռնութեան ներկայացուցիչները միջազգային հանրութեան կոչ ուղղած են գործնական քայլեր ձեռնարկելու՝ Արցախի հայ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար։
Բողոքի ցոյցի մասնակիցներուն համաձայն՝ COP17-ի ծիրէն ներս բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու եւ կենսաբազմազանութեան պահպանութեան վերաբերեալ քննարկումները չեն կրնար անտեսել Արցախի հայութեան բռնի տեղահանութեան հետեւանքներն ու պատմական հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքը։
