Միջին Արեւելքը կրակի մէջ

  • by Editbeglari, March 02, 2026 in Լուրեր
98 դիտում

Իրանի «Truth Promise 4» գործողութիւնը․ Մերձաւոր Արեւելքին մէջ պայթիւններ եւ խոցումներ․

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրավիճակը կտրուկ սրած է։ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայելի հարուածներէն ետք, Իրանը յայտարարած է լայնածաւալ պատասխան գործողութեան մասին՝ «Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու Կորպուս»-ի կողմէ մեկնարկած «Truth Promise 4» գործողութեան շրջանակին մէջ։

Հարուածներ ստացած են միաժամանակ քանի մը շրջաններ՝
Դուպայ, Իսրայէլ, Պահրէյն, Քուէթ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Սաուդեան Արաբիա եւ Իրաք։

Իրանի պաշտօնական հաղորդագրութեամբ՝ հրթիռներ եւ անօդաչու սարքեր ուղղուած են տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան ռազմաբազաներու եւ «անվտանգութեան կեդրոններու» ուղղութեամբ։ Թիրախներուն մէջ եղած են նաեւ ԱՄՆ 5-րդ նաւատորմի շտաբը Պահրէյնի եւ Քաթարի մէջ գտնուող ռազմաբազաները։

Հասանելի տեղեկութիւններու համաձայն՝ Իսրայէլի քաղաքներու վրայ արձակուած բոլոր հրթիռները չեն որսացուած հակաօդային պաշտպանութեամբ։

Դուպայի Palm Jumeirah արհեստական կղզիներու մերձակայքը հզօր պայթիւն լսուած է։ Տեղական աղբիւրներու համաձայն՝ առնուազն չորս մարդ վիրաւորուած է։

Քաթարի մէջ իրանական հրթիռը խոցուած է ամերիկեան արտադրութեան Patriot համակարգով։ Ազդանշաններ հնչած են ԱՄՆ-ի Ալ-Ուդէյդ ռազմաբազայի մերձակայքը։

Պահրէյնի մէջ ծուխ եւ տարհանումներ, պայթիւններ գրանցուած են Ջուֆէյր շրջանը, ուր տեղակայուած է ԱՄՆ 5-րդ նաւատորմը։ Ականատեսները տեղեկացուցած են ծուխի սիւներու մասին։ ԱՄՆ դեսպանատները Մանամայի եւ Տոհայի մէջ յայտարարած են աշխատակիցներուն եւ քաղաքացիներուն ժամանակաւոր մեկուսացումի մասին։

Իրանի յայտարարութիւնները, հրթիռային հարուածներու երկու ալիքները եւ միաժամանակ տարբեր երկրներու մէջ արձանագրուած պայթիւնները կը խորացնեն լայնածաւալ պատերազմի վտանգը։

Մինչեւ կողմերը կը շարունակեն փոխադարձ մեղադրանքները, ամբողջ տարածաշրջանը կը գտնուի բարձրագոյն մարտական պատրաստակամութեան վիճակի մէջ։ Միջազգային շուկաներուն մէջ արդէն արձանագրուած է լարուածութիւն, իսկ փորձագէտները չեն բացառեր նաւթի գիներու կտրուկ բարձրացում։

Մերձաւոր Արեւելքը հերթական անգամ կանգնած է անորոշ եւ պայթիւնավտանգ շրջանի առջեւ։