Մոջթաբա Խամենէին դարձած է Իրանի նոր գերագոյն առաջնորդը

  • by Editbeglari, March 09, 2026 in Լուրեր
178 դիտում

Իրանի մէջ ընտրուած է երկրի նոր գերագոյն առաջնորդը։ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Փորձագէտներու խորհուրդը, որ կազմուած է ժողովուրդին կողմէ ընտրուած 88 անդամներէ, մեծամասնութեան քուէներով նոր ղեկավար նշանակած է այաթոլլա Սէյէտ Մոջթաբա Խամենէին։

Պաշտօնական յայտարարութեան համաձայն՝ ան դարձած է Իրանի երրորդ գերագոյն առաջնորդը՝ փոխարինելով իր հայրը՝ այաթոլլա Ալի Խամենէին, ով զոհուած էր ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի հարուածներուն հետեւանքով։ Խորհուրդը նշած է, թէ Ալի Խամենէին «հերոսի մահ ընդունած է՝ մինչեւ վերջ կատարելով իր պարտքը իրանական ժողովուրդին առաջ»։

Վերլուծաբաններու կարծիքով՝ ան սերտ կապեր ունի Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու կազմի հետ, ինչ որ կրնայ ամրապնդել անոր քաղաքական դիրքերը։ Վերջին օրերուն նաեւ հաղորդուած էր, թէ ան վիրաւորուած էր իսրայելա-ամերիկեան հարուածներուն ընթացքին։