Արցախցիներու բռնի տեղահանումէն երեք տարի անց՝ հազարաւոր ընտանիքներ կը շարունակեն բախիլ բնակարանային եւ ընկերային լուրջ խնդիրներու։ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Արդարութիւն» կուսակցութեան համանախագահ Յակոբ Յակոբեանի խօսքով՝ բնակարանային աջակցութեան ծրագիրը չի համապատասխաներ բռնի տեղահանուած անձերու իրական հնարաւորութիւններուն։
Յակոբեան կը նշէ, որ ծրագիրէն օգտուելու գլխաւոր խոչընդոտներն են վարկունակութեան եւ գրաւի ապահովման պահանջները, աշխատանքի եւ բաւարար եկամուտի բացակայութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ունենալու պայմանը։ Բացի այդ, բնակարաններու շուկայական գիները յաճախ չեն համապատասխաներ տրամադրուող աջակցութեան չափին։
Անոր գնահատմամբ՝ ծրագիրը, որ կրնար արդիւնաւէտ ըլլալ Հայաստանի այլ քաղաքացիներուն համար, չի լուծեր այն մարդոց խնդիրները, որոնք բռնի տեղահանութեան հետեւանքով կորսնցուցած են իրենց բնակարաններն ու ունեցուածքը։ Յակոբեան կը կարեւորէ արցախցիներու համար ընկերային յատուկ կարգավիճակի սահմանումը՝ անոնց առանձնայատուկ կարիքներն ու կեանքի պայմանները նկատի ունենալու նպատակով։
Անոր համոզմամբ՝ անհրաժեշտ է վերանայիլ աջակցութեան մօտեցումները, որպէսզի բնակարանային ծրագիրը նոր խոչընդոտներ ստեղծելու փոխարէն՝ իրական հնարաւորութիւն ընձեռէ բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն՝ ապահովելու իրենց բնակարանային կայունութիւնը։
