Նեթանիահուն կը փափաքի վերսկսիլ Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւնները 

  • by WesternArmenia, October 22, 2026 in Լուրեր
101 դիտում

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուն կը ձգտի վերսկսիլ Իրանի դէմ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները եւ Ուաշինկթընին կոչ կ՚ուղղէ՝ «աւարտին հասցնելու սկսածը»։ Այս մասին, աղբիւրներու յղում կատարելով, կը հաղորդէ Financial Times-ը։

Աղբիւրներու համաձայն՝ Նեթանիահու ծրագրած էր Հոկտեմբեր 10-ին Իրանի դէմ գործողութիւն սկսիլ, որ քանի մը օր պիտի տեւէր։ Սակայն ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ իսրայէլեան կողմին յայտնած է, որ մինչեւ Քոնկրէսի միջանկեալ ընտրութիւնները Ուաշինկթըն քայլերու պիտի չդիմէ, որոնք կրնան յանգեցնել հակամարտութեան հետագայ սրումին։

Թէեւ յարձակումը տեղի չէ ունեցած, Նեթանիահու եւ Թրամփ կը շարունակեն սպառնալ Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններու վերսկսումով։ Աղբիւրի մը համաձայն՝ յառաջիկայ շաբաթներուն Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի կողմէ հարուածներ հասցնելու հաւանականութիւնը տակաւին կը քննարկուի։ «Կա՛մ համաձայնութիւն պիտի կնքուի, կա՛մ յարձակում տեղի պիտի ունենայ», նշած է աղբիւրը՝ պարզաբանելով, որ ԱՄՆ վարչակազմը կը փորձէ Իրանը մղել համաձայնութեան՝ անոր միջուկային ծրագիրին եւ Հորմուզի նեղուցին նկատմամբ վերահսկողութեան հարցերուն շուրջ, պատերազմի աւարտին միտող կարգաւորման ծիրէն ներս։

Հրապարակումը կ՚անդրադառնայ նաեւ Փենթակոնի ղեկավար Փիթ Հեգսէթի՝ վերջին օրերուն Իսրայէլ կատարած այցելութեան։ Ան հանդիպումներ ունեցած է Նեթանիահուի եւ պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ։ Աղբիւրի մը հաղորդմամբ՝ իսրայէլեան կողմը ամերիկացի պաշտօնատարներուն ներկայացուցած է Իրանի մէջ հարուածներու նոր թիրախներու ցանկ մը, որ կազմուած է վերջին ամիսներուն ձեռք բերուած հետախուզական նոր տեղեկութիւններու հիման վրայ։

Ներկայացուած թիրախներուն շարքին են նաեւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու կառոյցներ, որոնք նախորդ ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին հարուածներու չեն ենթարկուած։

Աղբիւրին համաձայն՝ հարուածներ հասցնելու վերջնական որոշումը կախեալ է ԱՄՆ նախագահին դիրքորոշումէն։