«Նոյնիսկ Սովետական Միութեան օրերուն Արարատ կը յարգուէր իբրեւ Հայաստանի ու հայկական մշակոյթի խորհրդանիշ. Արարատը անհնար է վերացնել». Պիետրօ Շաքարեան

  • by Editbeglari, September 23, 2025 in Լուրեր
147 դիտում

Արեւելեան Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի դասախօս, պատմաբան Պիետրօ Շաքարեան ներկայացուցած է իր նոր գիրքը՝ «Անաստաս Միկոյեան․ հայ բարեփոխիչը Խրուշչովի Կրեմլին մէջ»։

Շաքարեանի համաձայն՝ Միկոյեան ոչ միայն մոսկովեան գործերով կը զբաղուէր, այլ նաեւ մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած է Հայաստանին ենթակառուցուածքային ծրագրերու մէջ՝ Սեւան, Սանահին, Կապան եւ այլ վայրերու զարգացման հարցերով։ Ան յատկապէս կարեւորած է Միկոյանի 1954 թուականի ելոյթը Երեւանի մէջ, որ ճանապարհ բացաւ Սթալինեան պաշտամունքի վերացման, 1965-ի Ցեղասպանութեան յիշատակի ցոյցերուն եւ յետագայ Ղարաբաղեան շարժման։

Պատմաբանը նաեւ յիշեցուց, որ Թուրքիան դեռ 1920-ական թուականներուն բողոքած էր խորհրդահայկական զինանշանի վրայ Արարատ լեռան պատկերի դէմ, բայց Սովետական Միութեան պատասխանէն ետք այդ պահանջները դադրեցան։ «Արարատը միշտ եղած է եւ պիտի մնայ հայկական մշակոյթի խորհրդանիշ, անկախ քաղաքական պայմաններէն։ Անիկա վերացնել անկարելի է»,– ըսաւ Շաքարեան։

Անդրադառնալով Ղարաբաղեան շարժման արժէքներուն՝ ան ընդգծեց, որ անոր հիմքը հայերու ժողովրդավարական ինքնորոշման իրաւունքն էր։ Պիետրօ Շաքարեան միաժամանակ քննադատեց Արեւելեան Հայաստանի ներկայ ղեկավարութիւնը՝ այդ ուղիէն հրաժարուելու համար։

Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանի սպառնալիքները կը շարունակուին, եւ Ալիեւը մշտապէս նոր պահանջներ կը դնէ Հայաստանի առաջ։