Նոր աշխատութիւն՝ Յակոբ Պարոնեանի գրական ժառանգութեան մասին

  • by Editbeglari, June 22, 2026 in Լուրեր
120 դիտում

Լոյս տեսած է գրող, հրապարակախօս եւ բանասէր Պարոյր Յ. Աղպաշեանի «Գիրքերու մտերմութեան հետ. Յակոբ Պարոնեանի տաղանդին ու վաստակին հետքերով» աշխատութիւնը, որ նուիրուած է Ադրիանապոլսցի հայ մեծ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի գրական եւ լեզուական ժառանգութեան։

Հեղինակը համառօտ, բայց խորքային վերլուծութեամբ կը ներկայացնէ Պարոնեանի ստեղծագործական աշխարհը, անոր լեզուամտածողութիւնը, քննադատական ոգին եւ հայ գրականութեան մէջ ունեցած բացառիկ դերը։ Գիրքին մէջ առանձնակի ուշադրութիւն կը դարձուի նաեւ Պարոնեանի հարուստ բառապաշարին եւ հայ երգիծական գրականութեան զարգացման մէջ անոր ներդրումին։