Քաղաքագէտ Արա Պօղոսեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է. «Ոչ ոք Հայաստանի համար եւ հայերուն փոխարէն պիտի կռուի։
Աջակցութիւն կարելի է ստանալ, ընդ որում՝ բոլոր կողմերէն, եթէ կարողանանք հմտօրէն շահերու հաւասարումներ կառուցել։
Բայց յանուն հաւատքի, յանուն քաղաքակրթութեան կամ յանուն մարդկային իրաւունքներու ոչ ոք իր սեփական շահերը երբեք պիտի չզոհաբերէ։ Ընդ որում, ասիկա մեր կամ մեր թշնամիներուն պայմանաւորուած չէ, այլ միջազգային յարաբերութիւններու իրական էութիւնն է։
Մեր խնդիրը հաւատարմութիւն երդուիլը կամ խղճահարութիւն յառաջացնելը չէ, այլ յարաբերութիւններու այնպիսի կառուցուածք ստեղծելը, ուր մեր ցանկութիւնը շահաւէտ պիտի ըլլայ նաեւ անոնց համար, որոնց աջակցութեան կամ հաւատարմութեան կարիքը պիտի ունենանք։
Եթէ աւելի ազնիւ՝ մենք դատապարտուած ենք դառնալու ուժեղ եւ հարուստ, իսկ հակառակը՝ ոչնչանալն է որպէս պետականութիւն»։
