Որդեկորոյս ծնողները պիտի հասնին մինչեւ ՄԻԵԴ 

  • by WesternArmenia, October 26, 2026 in Լուրեր
114 դիտում

44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինծառայողներու ծնողներու «Որդիներու կանչ» հասարակական կազմակերպութեան անդամները 2026 թուականի Մարտ 27-ին բողոքի ցոյց մը կազմակերպած էին Գլխաւոր դատախազութեան շէնքին առջեւ եւ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուցած՝ Ազգային ժողովին մէջ անոր կատարած յայտարարութեան առնչութեամբ։

Փաշինեան ըսած էր․ «2020-ին գիտակցուած զոհողութեան գացած ենք, եւ անոր արդիւնքով է, որ ձեռք բերած ենք պետութիւն եւ անկախութիւն։ Մինչ այդ, բոլոր զոհողութիւններուն հեղինակը մենք չենք եղած․ մեզ տարած են կառափնարան եւ զոհած՝ իրենց շահերուն համար։ Առաջին անգամ մենք զոհողութեան գացած ենք մեր շահերուն, պետութեան, մեր ինքնութեան եւ մեր ապագային համար»։ 

Զոհուած զինծառայողներու ծնողները այս խօսքերը նկատած են միտումնաւոր՝ «գիտակցուած» պատերազմ հրահրելու մասին խոստովանութիւն մը, որուն հետեւանքով իրենց զաւակները զոհուած են։ Անոնք դատախազութեան շէնքին առջեւ ստորագրահաւաք կազմակերպած եւ յանցագործութեան մասին հաղորդումը մուտքագրած էին դատախազութիւն։ Այդ ժամանակ դատախազութենէն մեզի փոխանցած էին, որ հաղորդումին սահմանուած կարգով ընթացք տրուած է։

Փաստաբան Վահան Յովհաննիսեան, որ հասարակական կազմակերպութեան իրաւական հարցերով կը զբաղի, Քննչական կոմիտէին կողմէ քրէական վարոյթ չնախաձեռնելու որոշման դէմ բողոք ներկայացուցած էր դատախազին, սակայն բողոքը մերժուած էր։

Փաստաբանը մեզի ըսած էր, որ կը պատրաստուին դիմելու դատարան՝ պահանջելով պարտադրել նախաքննական մարմնին քրէական վարոյթ նախաձեռնել։ Յովհաննիսեան մեզի յայտնած է․ «Դիմեցինք դատարան՝ մերժուեցանք, դիմած ենք Վճռաբեկ դատարան, ապա պիտի երթանք ՄԻԵԴ»։