Միացեալ Նահանգները պատրաստ է Իրանի շուրջ հակամարտութեան գծով դիւանագիտութեան առիթ տալ մինչեւ յաջորդ շաբաթուան սկիզբը՝ մինչ այդ յետաձգելով ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը։ Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնըլտ Թրամփ։
«Ես կը խօսիմ երկու կամ երեք օրուան մասին։ Հաւանաբար Ուրբաթ, Շաբաթ, Կիրակի։ Հաւանաբար ալ յաջորդ շաբաթուան սկիզբը։ Սահմանափակ ժամանակ է, որովհետեւ անոնք չեն կրնար միջուկային զէնք ունենալ»,– պարզաբանած է ան՝ Սպիտակ տան մէջ լրագրողներու այն հարցումին պատասխանելով, թէ որքան ժամանակ պատրաստ է սպասելու՝ նախքան Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման հրաման տալը։
Երկուշաբթի օր ամերիկացի առաջնորդը յայտարարած էր, թէ որոշած է յետաձգել Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը՝ Քաթարի, ԱՄԷ-ի եւ Սէուտական Արաբիոյ խնդրանքով՝ յղում կատարելով Թեհրանի հետ համաձայնութեան հասնելու կարելիութեան։
