Արցախեան, հայաստանեան եւ սփիւռքեան շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններ ու գործիչներ բողոք-դիմում ներկայացուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն՝ Ատրպէյճանի կողմէ վերահսկուող Արցախի տարածք օտարերկրեայ ներկայացուցիչներու այցելութիւններուն կապակցութեամբ։
Դիմումին հեղինակները կը շեշտեն, որ նման այցելութիւնները չեն կրնար դիտարկուիլ միայն որպէս զբօսաշրջային կամ մշակութային միջոցառումներ։ Անոնք առանձնայատուկ մտահոգութիւն կը յայտնեն Ստեփանակերտ, Շուշի, Գանձասար, Դադիվանք եւ հայկական պատմամշակութային այլ վայրեր այցելութիւններուն վերաբերեալ՝ նշելով, որ անոնք կրնան օգտագործուիլ Ատրպէյճանի կողմէ իր քաղաքականութեան միջազգային ընդունելիութեան տպաւորութիւն ստեղծելու նպատակով։
Դիմումին մէջ կը յիշեցուի նաեւ 2021 թուականի Դեկտեմբեր 7-ի՝ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի ժամանակաւոր միջոցներու մասին, որոնք կը վերաբերէին հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ վանտալիզմի եւ պղծման գործողութիւններու կանխման։
Դիմումին հեղինակները կոչ կ’ընեն դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն գնահատական տալ նման այցելութիւններուն, չմասնակցիլ այն միջոցառումներուն, որոնք կրնան նպաստել հայկական ժառանգութեան նկատմամբ իրականացուող քաղաքականութեան օրինականացման, բարձրաձայնել հայկական եկեղեցիներու, վանքերու, յուշարձաններու եւ գերեզմանատուներու պահպանութեան հարցերը եւ պահանջել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անկախ առաքելութեան անարգել մուտքը Արցախ։
Անոնք նաեւ կոչ կ’ընեն միջազգային հարթակներուն մէջ պաշտպանել Արցախի բռնի տեղահանուած հայ բնակչութեան՝ իր բնակավայրերը անվտանգ, արժանապատիւ եւ առանց նախապայմաններու վերադառնալու իրաւունքը։
