Պաքուի եւ Իրանի սահմանին փոխհրաձգութիւն տեղի ունեցած է

  • by WesternArmenia, November 02, 2026 in Լուրեր
87 դիտում

Պաքուի եւ Իրանի սահմանին զինուած փոխհրաձգութիւն տեղի ունեցած է։ Այս մասին APA գործակալութեան յայտնած են Պաքուի Պետական սահմանապահ ծառայութեան մամուլի կեդրոնէն։

Պաքուի Պետական սահմանապահ ծառայութեան տուեալներով՝ «Կէօյթէփէ» սահմանապահ ջոկատի տեղամասին մէջ խումբ մը անձեր փորձած են Իրանի կողմէն ապօրինի հատել սահմանը։

Սահմանապահները պահանջած են կանգ առնել եւ նախազգուշական կրակոցներ արձակած։ Խախտողներէն մէկը պատասխան կրակ բացած է, որմէ ետք չէզոքացուած է։

Միջադէպին մասին իրանական կողմը տեղեկացուած է։ Յարուցուած է քրէական գործ, իսկ քննութիւնը կը կատարեն Պետական սահմանապահ ծառայութիւնն ու Ռազմական դատախազութիւնը։