Պաքուի մէջ կայացած միջազգային գագաթնաժողովի ընթացքին ատրպէյճանցի պաշտօնեաները Պաղեստինի՝ հայկական ծագում ունեցող արտաքին գործոց նախարար Վարսեն Աղաբէկեան Շահինը ներկայացուցած են իբրեւ «Վարսեն Շահին»՝ չյիշատակելով անոր հայկական՝ Աղաբէկեան ազգանունը, կը հաղորդէ «Առաւօտ»-ը։
Յատկանշական է, որ ատրպէյճանական APA լրատուական գործակալութիւնը Հոկտեմբեր 13-ին հրապարակուած յօդուածին մէջ նշած էր նախարարին հայկական ծագումը եւ ներկայացուցած անոր ամբողջական անունը՝ Վարսեն Աղաբէկեան Շահին։ Այս հանգամանքը ուշադրութեան կը հրաւիրէ նոյն երկրին լրատուամիջոցին հրապարակման եւ պաշտօնական ձեռնարկին ընթացքին նախարարին ներկայացման ձեւերուն միջեւ եղած տարբերութեան վրայ։
