Վերջին ամիսներուն Պաքուի մէջ աշխուժացած է Հայաստանի տարածքի վերաբերող քարոզչութիւնը։ Ըստ հասանելի տեղեկութիւններուն՝ Պաքուի պետական «Ազերթաջ» լրատուական գործակալութիւնը վերջին չորս ամսուան մէջ 137 հրապարակում կատարած է, որոնց մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացուած է «Արևմտեան Ազրբէյճան» ձևակերպումով։
Այս հրապարակումները կը ներառեն տարբեր քննարկումներ, մրցոյթներ եւ նիւթեր, որոնք կազմակերպուած են Պաքուի համալսարաններուն եւ կրթական հաստատութիւններուն մէջ՝ Հայաստանի տարածքը ներկայացնելու նպատակով որպէս «ազրբէյճանական հող»։
Նման քարոզչական հաղորդումներ կը տարածուին նաեւ ազրբէյճանական հեռուստաալիքներու միջոցով։ Մասնաւորապէս, Baku TV-ն քանի մը տարի է եթեր կը հեռարձակէ «Արևմտեան Ազրբէյճանի քրոնիկա» հաղորդաշարը, ուր Հայաստանի տարածքի վերաբերող նմանատիպ պնդումներ կը ներկայացուին։
Փորձագէտներու կարծիքով՝ այս քարոզչութիւնը կը հակասէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան մասին յայտարարութիւններուն եւ կ’արտացոլէ Պաքուի ռեժիմի կողմէ առաջ մղուող քաղաքական օրակարգը։
