Արցախի մշակութային ժառանգութեան ՄԻՊ, կովկասագէտ Յովիկ Աւանէսով յայտարարած է նոր նախաձեռնութեան մը մասին, որուն նպատակն է պաշտպանել եւ միջազգային հարթակներու վրայ ներկայացնել Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան դէմ իրականացուող ոտնձգութիւնները։
ՄԻՊ-ի գրասենեակը հիմնուած է 2023 թուականի Յունիսին՝ պաշարուած Ստեփանակերտի մէջ։ Բռնի տեղահանութենէն ետք ան շարունակած է իր գործունէութիւնը Երեւանի մէջ՝ հասարակական հիմքերով։ Գրասենեակին հիմնական առաքելութիւնն է փաստագրել, մշտադիտարկել եւ հանրութեան ու միջազգային հանրութեան ուշադրութեան յանձնել Արցախի հայկական մշակութային արժէքներու ոչնչացման եւ իւրացման դէպքերը։
Նախաձեռնութեան ծիրին մէջ մեկնարկած է նիւթական աջակցութեան արշաւ, որ կարելիութիւն պիտի տայ զարգացնելու արբանեակային մշտադիտարկումը, արագ ստուգելու մշակութային յուշարձաններուն վերաբերեալ հրապարակուող տեղեկութիւնները, պատրաստելու անգլերէն զեկոյցներ եւ տեղեկատուական նիւթեր միջազգային կազմակերպութիւններուն համար։
Յովիկ Աւանէսովի խօսքով՝ ներկայիս արձանագրուած է Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման 1000-է աւելի դէպք։ Անոնց շարքին են եկեղեցիներու, խաչքարերու, յուշարձաններու, գերեզմանատուներու եւ նոյնիսկ ամբողջական բնակավայրերու աւերումը։ Անոր գնահատմամբ՝ Ազրպէյճանը կը շարունակէ ենթակառոյցներ կառուցել ոչնչացուած հայկական յուշարձաններու եւ գերեզմաններու տարածքներուն վրայ, իսկ այս փաստերը կը հաստատուին թէ՛ ազրպէյճանական աղբիւրներու մշտադիտարկումով, թէ՛ արբանեակային լուսանկարներով։
