Ռուս բանաստեղծ Սերգէյ Գորոդեցքիի 1919 թուականի «Արցախ» յօդուածը եւ անոր մէջ հնչած մարգարէական դիտարկումները

  • by Editbeglari, May 30, 2026 in Լուրեր
116 դիտում

Ռուս նշանաւոր բանաստեղծ Սերգէյ Գորոդեցկին 1916 թուականին կը գտնուէր Առաջին համաշխարհային պատերազմի կովկասեան ճակատին վրայ։ Այդ շրջանը մեծ նշանակութիւն ունեցաւ գրողին համար, յատկապէս հայանպաստ իր դիրքորոշման ձեւաւորման առումով։

Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն ետք ան հրատարակեց «Հայաստանի հրեշտակը» բանաստեղծական ժողովածուն, ուր անդրադարձաւ Հայերու ցեղասպանութեան նիւթին։ 1919 թուականին «Кавказское слово» պարբերականին մէջ լոյս տեսաւ Գորոդեցկիի «Արցախ» յօդուածը։

Յօդուածին մէջ Գորոդեցկին կը շեշտէ հիմնական այն միտքը, որ Արցախը հայ ժողովուրդի պատմական գոյութեան, ազգային ինքնութեան եւ մշակութային շարունակականութեան գլխաւոր յենասիւններէն մէկն է։ Ան կը նշէ, որ Արցախը ոչ միայն աշխարհագրական, այլեւ ռազմաքաղաքական իմաստով Հայաստանի արեւելեան թեւն ու անվտանգութեան կարեւորագոյն երաշխիքն է, առանց որուն Հայաստանի պաշտպանութիւնը դժուար կը դառնայ։

Միաժամանակ յօդուածը կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, թէ Արցախի կորուստը պիտի նշանակէ ոչ միայն տարածքային կորուստ, այլեւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի ոտնահարում, մինչդեռ անոր պահպանումը կրնայ դառնալ Հայաստանի մշակութային եւ ազգային վերածնունդի առանցքային կէտերէն մէկը։

Մօտ հարիւր տարի առաջ Գորոդեցկին մատնանշած էր իրողութիւններ, որոնք տասնամեակներ անց, այսօր, կը թուին մարգարէական։ Անոր դիտարկումները ժամանակի ընթացքին նոր արդիականութիւն ստացած են։

Ստորեւ կը ներկայացուի Սերգէյ Գորոդեցկիի «Արցախ» յօդուածը ամբողջութեամբ։

Սերգէյ Գորոդեցկի, «Արցախ», 1919 թուական։

Նիւթի ամբողջական տարբերակին ծանօթանալու համար անցնիլ հետեւեալ յղումով՝

https://168.am/2026/05/31/2421243.html