Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը շատ մեծ վտանգ կը սպառանա

  • by Editbeglari, January 29, 2024 in Քաղաքականութիւն
320 դիտում

Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, որը կը պարտադրուի թշնամի պետութեան նախայարձակ հռետորաբանութեամբ, չի կրնա արտացոլիլ համայն հայութեան իղձերը։ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը  իր էութեամբ կչեղարկե Անկախութեան հռչակագիրը եւ հայ Ժողովուրդը կունենա Սահմանադրութիււն մը, որը թշնամին կպատրաստէ  մեզի համար։

Համայն Հայութեան նպատակը պատմական արդարութեան վերականգնումն է, հզօրացումն ու  ինքնիշխանութիւնը։

Դարեր ի վեր մենք պայքարեր եւ պայքարելու ենք մեր Ազգային ինքնութեան, պատմական արդարութեան, հայրենիքի ամբողջականութեան եւ անկախութեան համար։ Սահմանադրութեան փոփոխութեամբ Արեւելեան Հայաստանը հերթական անգամ թիկունքեն կը յարուածէ  Արեւմտեան Հայաստանը եւ անոր  իրաւունքներուն։ Երբ որեւէ մէկը քաղաքական նպատակներով կամ արտաքին գործոնին ճնշմամբ կը փոխէ Սահմանադրութիւնը, ատ բոլորին ախորժակը բացելու է, եւ պետութեան վրայ ճնշումը մեծընալու է։

Նօր սահմանադրութեան ընդունում, որով ակնյայտօրէն փորձելու է լուծիլ  Մոսկուային, Անկարային ու Բաքուին առաջ ստանձնած, Հայաստանի անկախ պետականութեան սահմանադրական հիմքերու իրաւական ոչնչացման խնդիրը։ Մասնաւորապէս՝ 990 թուականին ընդունուած հռչակագիրին յիշատակման վերացում, Հայաստանի ինքնիշխան պետութիւն ըլլալու սահմանադրական ամրագրման վերացում, Պետութեան պատմականութեան յետքերու, պատմական ժառանգականութեան իրաւական ամրագրման ջնջում, Արցախին հետ  մայր Հայաստանի վերամիաւորման՝ 1989 թուականի Դեկտեմբեր 1֊ի պատմական որոշման հիշատակման ժխտում, Հայերու դէմ իրականացուած  ցեղասպանութեւան եւ Արեւմտեան Հայաստանի յիշատակման ժխտում։

100 տարի առաջ Կարսին ամրոցը հանձնուեցաւ առանց մէկ կրակոցի։ Այս անգամ ալ Հայաստանի թշնամիները Արեւելեան Հյաստանի ձեռքով, ստով ու խաբեութեամբ, ահաբեկմամբ, պայմանաւորուած պարտութեամբ Արցախը հանձնելեն ետք կը փորձեն  վերջնականապէս կործանիլ Հայաստանի պետականութիւնը ռուս-թուրքական նօր վերաբաժանումով, ինչը չյաջողուեցաւ իրենց  100 տարի առաջ։ Հայաստանը, Արցախը մացին, հայ ազգը որպէս հավաքականութիւն ու ինքնութիւն չվերացաւ՝ բազմաթիվ նւիրեալներու անձնազոհութեան ու նւիրումի, հայ ազգին միասնական պայքարին գինով։