Լրագրող Նայիրի Յոխիկեանի գրառումը.
«2022-ի Յունիսին հերթական անգամ Արցախի մէջ էի եւ կը փորձէի մարդոց բացատրել, որ ամբողջական հայաթափումը կանխելու համար պէտք է ամէն կերպ պահենք Բերձոր քաղաքը, իսկ շրջափակումէն խուսափելու համար արագօրէն Շուշին շրջանցող ճանապարհ կառուցենք Քրքջանէն դէպի Ակունք եւ Լիսագոր։
Հանդիպեցայ Վիտալի Բալասանեանի եւ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։ Երկուքն ալ շատ անհոգ էին, կը հեգնէին, թէ Ատրպէյճանէն այլեւս վտանգ չկայ։ Կ՚ըսէին, թէ Նիկոլ Փաշինեանի հետ պայմանաւորուած են՝ պիտի յանձնենք Բերձորը, իսկ Հինշէն եւ Մեծշէն գիւղերուն մօտ կառուցուող նոր ճանապարհը աւելի դիւրին պիտի կապէ Արցախը Գորիսի հետ։ Հասկցայ, որ այդ մարդիկ թուրքը չեն ճանչնար։
Յաջորդ օրերուն խումբ մը արցախցիներու հետ բարձրացայ Կաչաղակաբերդ։ Ճանապարհին 30-էն աւելի մարդոց փորձեցի բացատրել, որ Պաքուն նպատակ ունի Բերձորը վերցնելէ ետք ամբողջական շրջափակում հաստատելու Արցախի վրայ եւ կարճ ժամանակի մէջ կազմակերպելու հայերու տեղահանումը։
Ընդհանուր անտարբերութեան մէջ քանի մը հոգի զիս մեղադրեցին խուճապ տարածելու համար։
Ըսի՝ մօտ 800 հոգի պէտք է մեծ խումբերով հաստատուինք Բերձորի մէջ, որպէսզի չթոյլատրենք Բերձորի յանձնումը Ատրպէյճանին։ Կազմակերպչական բոլոր պայմանաւորուածութիւնները կային։ Ոչ մէկ արձագանգ եղաւ, որովհետեւ կը հաւատային թուրքի խաղաղութեան խոստումին։
Յետոյ, անշուշտ, եղան խումբ մը արցախցիներ, որոնք եկան Բերձոր եւ Աղաւնօ, հոն մնացին, բայց ընդհանուր առմամբ արցախցիներու շրջանին, այդ շարքին՝ Արցախի պետական հեռատեսիլին ու կայքերուն, ինչպէս նաեւ որոշ հանրային գործիչներու միջոցաւ, իմ դէմ լուրեր կը տարածուէին, թէ խուճապ կը ստեղծեմ մարդոց մէջ, կը վախցնեմ եւ չեմ ձգեր, որ հաստատուած խաղաղութեան մէջ ապրին։
Այլ խօսքով՝ յատկապէս 2022-ին Արցախի մէջ իմ դէմ ամբողջական հակաքարոզչութիւն կը տարուէր։ Նոյնիսկ Մարտակերտի վարչակազմը խափանեց շրջանին մէջ տեղացիներու հետ հանդիպումներս, որպէսզի չներկայացնեմ իրական վտանգները։
Իսկ 2022-ի այդ օրերուն Ստեփանակերտի Կալցովոյի մօտ ընկեր Արշակին հետ պատահաբար տեսանք երկու ատրպէյճանցիներ, որոնք իրանական անձնագիրներով մտած էին Արցախ եւ շինարարութեան մէջ կ՚աշխատէին։ Զանոնք յանձնեցինք ոստիկանութեան։ Պարզուեցաւ, որ իրապէս ատրպէյճանցիներ են, ոչ թէ պարսիկներ, այլ յատկապէս ատրպէյճանցիներ, թուրքեր, բայց քանի որ իրանական անձնագիրներ ունէին, ազատ արձակուեցան։
Արցախցիներու մեծ մասին կը թուէր, թէ 2020-ի պատերազմէն ետք ամէն խնդիր աւարտած է, Նիկոլը յանձնած է Շուշին, եւ այլեւս ոչ մէկ վտանգ կայ։ Իսկ ես կը զգուշացնէի, որ Բերձորն ու Աղաւնոն պիտի չյանձնուին, պէտք չէ յանձնուին, այլապէս յետոյ պիտի ունենանք Արցախի ամբողջական յանձնումը։
Մեծ թափով շինարարութիւն կ՚ընթանար Արցախի մէջ, մարդոց նիւթական օգնութիւն կը տրամադրուէր, տուներ կը յատկացուէին, կահոյք ու հագուստ կը տրամադրուէին, եւ մարդիկ նախընտրեցին ապրիլ կեղծ խաղաղութեան քարոզին մէջ։
Յետոյ եկաւ 2023-ի շրջափակումը, եւ այն մարդիկ, որոնք զիս կը մեղադրէին խուճապ տարածելու համար, սկսան աղաղակել, թէ ամէն ինչ վերջացած է, պէտք է դուրս գալ։ Երբ ես ամիսներ շարունակ կ՚ըսէի, որ պէտք է դիմանանք, պէտք է կարենանք պահել Արցախի այս կտորը, նոյն մարդիկ կ՚ըսէին՝ «դուն եկուր մնա Արցախ, մենք գանք քու տունդ մնանք»։
Եղաւ Արցախի բռնի հայաթափումը։ Շատեր հիմա կը խոստովանին, որ ժամանակին պէտք էր պահել Բերձորն ու Աղաւնոն։
Այսօր Մեղրիի մէջ տիկին մը ինծի գրած է, թէ մարդոց կը վախցնեմ, երբ կը խօսիմ Սիւնիքի դէմ թշնամիին ծրագիրներուն մասին։ Կ՚ըսէ՝ հիմա ամէն ինչ ապահով է, խաղաղ է, նոյնիսկ բանակի վերազինման կարիքը չունինք։ Բայց Սիւնիքը լեցուած է իրանական անձնագիրներով ատրպէյճանցիներով։ Մարդիկ խաբուած են, թէ անոնք պարսիկներ են, որոնք թրքերէն կը խօսին։ Մեղրեցիներն ալ միամտաբար կը հաւատան անոր։
Ես չեմ ուզեր, որ Սիւնիքը ենթարկուի Արցախի ճակատագրին։ Ես չեմ ուզեր, որ յետոյ մարդիկ ըսեն, թէ ես ճիշդ կ՚ըսէի։ Թող մարդիկ հիմա զիս հայհոյեն, բայց հայրենիքը պահեն»։
