Սոթքի ոսկիի հանքավայրին շուրջ ստեղծուած իրավիճակն ալ 44-օրեայ պատերազմէն ետք ձեւաւորուած նոր իրողութիւններու ևս մէկ հետեւանք է։ Դեռ խորհրդային տարիներէն Հայաստանի կողմէ շահագործուող հսկայական հանքավայրին մէկ մասը պատերազմէն ետք անցած է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ, իսկ հանքավայրին մէկ այլ հատուած յայտնուած է չէզոք գօտիի մէջ։
Այժմ Պաքուի լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ ատրպէյճանական ընկերութիւնը այդ տարածքին մէջ արդէն իրականացուցած է առաջին հորատապայթեցման աշխատանքները։ Ըստ ատրպէյճանական կողմին՝ 2025 թուականի Օգոստոսէն հանքավայրին մէջ իրականացուած են հետախուզական եւ գնահատման աշխատանքներ, որոնց արդիւնքով մնացորդային ոսկիի պաշարները գնահատուած են շուրջ 1,03 միլիոն ունցիա։
Այսպիսով, նախկինին Հայաստանի կողմէ տասնամեակներ շարունակ շահագործուած Սոթքի հանքավայրին մէկ հատուածը այսօր կը գտնուի Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ, ուր արդէն սկսած են ոսկիի արդիւնահանման նախապատրաստական աշխատանքները։
