«Արցախ Միութեան» նախագահ, Արցախի նախկին ՄԻՊ Արտակ Բեգլարեանի դիմատետրի գրառումը․
Երկու տարի առաջ այս օրը դժոխային մթնոլորտ տիրեց Արցախի մէջ՝ Ստեփանակերտի բենզինի պահեստի պայթումի պատճառով։ Այդ պայթիւնը պատճառ եղաւ 219 մարդու մահուան, 22/23 հոգու անհետացման եւ շուրջ 300-ի վիրաւորներու։ Համաշխարհային մասշտաբի աղէտ մը, որը եկաւ նաեւ՝ ազրպէյճանական ահաբեկչութեան, բռնի տեղահանման եւ ցեղասպանական պայմաններու խորացման պայմաններուն հետ։
Այժմ այդ զոհերու ընտանիքները թերեւս արցախցիներու ամենաանտեսուած եւ ամենախոցուած խումբն են: Բացի հոգեբանական մեծագոյն տրավմաներէն, անոնք կորվսնցուցած են իրենց կերակրողը (շատ պարագաներուն՝ կերակրողները), այժմ Մայր Հայաստանի մէջ ոչ մէկ կարգավիճակ ունին, այս հանգամանքով պայմանաւորուած ոչ մէկ լրացուցիչ աջակցութիւն ստացած են, եւ անյայտ կորածներու ճակատագրերուն պարզելու ուղղութեամբ ալ ոչինչ կատարուած է։
Թէեւ իշխանական բուրգին մէջ տաքուկ նստածները շատ լաւ գիտեն այս հիմնահարցերուն մասին, սակայն համառօրէն աչք կը փակեն անոնց հանդէպ եւ կը խորացնեն ժողովուրդի տառապանքը։
Հայաստանի նորմալ իշխանութիւնները այս նիւթով պէտք էր առնուազն հետեւեալ քայլերը ձեռնարկէին․
- Բոլոր զոհերուն տրուի զոհուող կարգավիճակ, կամ գոնէ նոր կարգավիճակ, օրինակ՝ «Արցախի ժողովուրդի ցեղասպանութեան (կամ էթնիկ զտման) զոհ» կարգավիճակը։ Նման կարգավիճակ տրամադրուի նաեւ վիրաւորներուն։
- Բոլոր զոհերու ընտանիքներուն ապահովուին համապատասխան եւ շարունակական սոցիալական երաշխիքներ եւ առողջապահական ծառայութիւններ։
- Բաւարար քայլեր ձեռնարկեն անյայտ կորածներու ճակատագիրները պարզելու համար՝ բոլոր վարկածները քննարկելով եւ առանձնապէս հաշուի առնելով հարազատներուն կողմէ ներկայացուող փաստերը։
- Կատարուի պատշաճ եւ համակողմանի հետաքննութիւն՝ բոլոր հանգամանքները պարզելու եւ մեղաւորները պատասխանատութեան ենթարկելու նպատակով։
