«Միասնութեան թեւեր» քաղաքական նախաձեռնութեան ղեկավար Արման Թաթոյեան յայտարարած է, որ Հայաստանի սահմաններուն՝ Վարդենիսի եւ Ջերմուկի ուղղութեամբ, յայտնուած են նոր ազրպէյճանական դիրքեր, որոնք հանրութենէն գաղտնի պահուած են։
Թաթոյեան ներկայացուցած է արբանեակային լուսանկարներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ դիրքերը տեղադրուած են 2025 թուականի Օգոստոս 19-էն ետք։ Վարդենիսի մէջ նոր դիրքերը կը պարունակեն նռնականետերու, ականանետերու եւ հրաձգային յատուկ կէտերու համար նախատեսուած տեղեր, ինչպէս նաեւ ուղիղ թիրախաւորում ունին Սոթքի հանքավայրին եւ Կութ գիւղին վրայ։
«Ազրպէյճանական դիրքերը ոչ միայն կը վտանգեն մեր զինուորներու կեանքը, այլեւ ուղիղ վերահսկողութեան տակ կը պահեն հայկական բնակավայրերը», – ընդգծած է Թաթոյեան՝ նշելով, որ դիրքերը ամրացուած են՝ հաղորդակցական միջոցներով եւ նոյնիսկ արեւային վահանակներով։
Ան նաեւ յայտնած է, որ նման դիրքային փոփոխութիւններ կան Ջերմուկի մէջ, ուր ազրպէյճանցիները կառուցած են ականանետային դասակներու համար նախատեսուած նոր դիրքեր։ Թաթոյեան շեշտած է, որ ասիկա նպատակաուղղուած քայլ է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ ազդեցութիւն ունենալու համար։
