Վերջին ամիսներուն Բաքուն սկսած է առաջին հերթին բռնազաւթուած Ստեփանակերտին աւերումը

  • by Editbeglari, July 10, 2024 in Լուրեր
298 դիտում

Վերջին քանի մը ամիսներուն բռնազաւթուած Ստեփանակերտին մէջ Բաքուն կ՚ոչնչացնէ քաղաքի ամբողջական թաղամասեր: Ատ նկատելի է Արցախի պետական համալսարանին շրջակայքը, ուր բազմաբնակարան եւ սեփական տուները քանդուած են, իսկ համալսարանին շէնքը «վերակառուցուած» եւ այլափոխուած է։ Ասոր մասին կ՚ահազանգէ «Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում» անկախ ակադեմիական հարթակը։

Նկատելի է քաղաքի արտաքին կերպարը, կառուցապատաման ամբողջական  համալիրները փոփոխելու միտումը, ինչը կ՚արուի քաղաքի տարբեր յատուածներու մէջ մեծածաւալ աւերումներ իրականացնելով: Կը քանդուի Ստեփանակերտէն բռնագաղթուած քաղաքացիներու մասնավոր սեփականութիւնն ամբողջ ունեցուածքով: Նման մեծածաւալ քանդումներն արդարացնելու համար, Բաքուի քարոզչամեքենան վերջերս նկարահանած է ընդարձակ տեսանիւթ մը, որու առանցքային թեման այն է, թէ իբր նախկին ‹‹ատրպէյճանական Խանքենդին›› խորհրդային տարիներուն հայերու կողմէն միտումնաւոր աւերուած է: Եւ ատ արուած է ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանին կողմէն, ում յատուկ են պատուիրած քաղաքի նոր հատակագիծը, որը կազմելիս եւ իրագործելիս միտումնաւոր քանդած են բազմաթիվ մզկիթներ, տուներ եւ այլն։ Եւ այժմ եկած է քաղաքին կրկին իրական տեսքը վերադարձնելու եւ պատմութիւնը վերականգնելու ժամանակը: Տեսանիւթին մէջ ուշագրաւ է եւ այն, որ թշնամին կը հերքէ իր իսկ նախագահին, ով առաջին անգամ այցելելով բռնազաւթուած Ստեփանակերտ, յայտարարած էր, որ այն կառուցուած է Բաքուի ճարտարապետներու կողմէն։

Միաժամանակ խորհրդային եւ Արցախի անկախութեան տարիներուն կառուցուած որոշ շէնքեր կը ներկայացուին որպես Իլհամ Ալիեւին անմիջական հրամանով վերջերս վերակառուցուած։

Հարթակը կը նշէ, որ սկսած 2020էն Արցախի բռնազաւթուած բնակավայրերու մէջ որպէս «նոր» կը ներկայացուին Արցախի անկախութեան տարիներուն կառուցուած վարչական, ուսումնակրթական շէնքերը: Շուշի քաղաքին մէջ այս կերպ «արագ վերականգնուեցին» Վերին մզկիթը եւ Սաաթլի մզկիթը, որոնք վերանորոգուած էին Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու կողմէն:

«Այսպիսով, կրնանք վաւերացնիլ, որ վերջին ամիսներու ընթացքը Բաքուն սկսած է առաջին հերթին բռնազաւթուած Ստեփանակերտին աւերումը, քաղաքի պատկերու փոփոխութիւնը: Նկատելի է նաեւ, որ յաճախ նախկինը եղած եւ Արցախի իշխանութիւններու կողմէն կառուցուած շէնքերը, համալիրները կը ներկայացնէ որպէս իրենց կողմէն ի նորո կառուցուած»,- նշուած է յօդուածին մէջ: