Տաթեւ Հայրապետեան․ «Վարդանեանը կնքահայր եղած է 250 զոյգի, իսկ յետագային՝ անոնց զաւակներուն» 

  • by Editbeglari, September 10, 2026 in Լուրեր
99 դիտում

Ատրպէյճանագէտ Տաթեւիկ Հայրապետեանի գրառումը․

Օրեր առաջ ես գրառում կատարած էի, որ Վարդանեանի գործով անհեթեթ «դատավարութեան» ընթացքին անոր մեղադրած են Արցախի մէջ «Մեծ Հարսանիքի» կնքահայրերէն մէկը ըլլալու մէջ։ Այդ գրառումը լայն տարածում ստացած էր։ Ի դժբախտութիւն ինծի՝ որոշ իրական օգտատէրեր եկած ու ըսած էին, թէ իբր Վարդանեանը այդ հարսանիքին հետ կապ չունի, եւ ես սխալ բան գրած եմ։ Անոնք նոյնիսկ չէին նկատած, որ ես մէջբերած էի Ատրպէյճանի անհեթեթ մեղադրանքը։

Քանի որ այդ նիւթը խիստ յուզած էր ոմանց, որոշեցի ժամանակ գտնել եւ վերադառնալ այդ հարսանիքի նիւթին։ Անկեղծ՝ շատ յուզիչ էր տեսնել, թէ որքան երջանիկ եւ ուրախ եղած են մարդիկ Արցախի մէջ․․․

Գտայ նաեւ ապացոյց, թէ ինչպէս Վարդանեանը կնքահայր եղած է 250 զոյգի, իսկ յետագային՝ անոնց զաւակներուն․․․: