Տոնալտ Թրամփը սպառնացած է դադրեցնել Իսպանիաի հետ ամբողջ առեւտուրը այն բանէն ետք, երբ Մատրիտ-ը արգիլած է Միացեալ Նահանգներուն օգտագործել իր տարածքին մէջ գտնուող ռազմաբազաները՝ Իրանի դէմ գործողութիւններուն մէջ։
Սպիտակ տան մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ Տոնալտ Թրամփ յայտարարած է, որ Իսպանիան «սարսափելի կերպով վարուած է» եւ շեշտած, թէ պատրաստ է «դադրեցնել Իսպանիայի հետ կապուած ամէն ինչ՝ նոյնիսկ այսօր»։ Անոր խօսքով՝ Ուաշինկթընը կրնայ օրէնքով սահմանափակումներ կիրառել Իսպանիայէն ներմուծուող ապրանքներուն նկատմամբ։
Սքոթ Պեսենթը նոյնպէս նշած է, որ նման քայլեր կրնան իրականացուիլ իրաւական հիմքերով։
Տոնալտ Թրամփ նաեւ քննադատած է Իսպանիոյ իշխանութիւնները՝ ՆԱԹՕ-ի ծիրին մէջ պաշտպանական ծախսերը ՀՆԱ-ի 5 տոկոսի հասցնելու պահանջը չկատարելու համար։
Ի պատասխան՝ Իսպանիաի կառավարութիւնը յայտարարած է, որ որեւէ վերանայում պէտք է իրականացուի միջազգային իրաւունքի, մասնաւոր ընկերութիւններու ինքնավարութեան եւ Եւրոպական Միութիւն–Միացեալ Նահանգներ համաձայնագիրներու ծիրին մէջ։ Աւելի կանուխ Իսպանիոյ վարչապետ Պետրօ Սանչէս Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի հարուածները Իրանի դէմ անուանած էր «անհիմն եւ վտանգաւոր ռազմական միջամտութիւն»։
