Ատրպէյճանը, որ տասնամեակներէ ի վեր նպատակաուղղուած կերպով կը վերացնէ հայկական պատմամշակութային հետքը, միջազգային հարթակներուն մէջ հերթական տեղեկատուական արշաւը սկսած է․ Պաքուն պաշտօնական մակարդակով հայկական կողմը կը մեղադրէ Դադիվանք վանական համալիրին մէջէն մշակութային արժէքներ «գողնալու» մէջ։
Ատրպէյճանի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան, զարգացման եւ վերականգնման պետական ծառայութեան ղեկավար Սապինա Հաճիեւա յայտարարած է, թէ Դադիվանքէն հանուած որմնանկարներու եւ խաչքարերու մասին տեղեկութիւնները դեռ 2025 թուականի Հոկտեմբերին փոխանցուած են Ինթերբոլին, եւ անոնք ներառուած են «Գողցուած արուեստի գործեր»ու տուեալներու շտեմարանին մէջ։
Ատրպէյճանցի պաշտօնեային պնդումով՝ 2020 թուականի պատերազմէն ետք հայկական ուժերու հեռացման ժամանակ Դադիվանքէն Հայաստան տեղափոխուած են խաչեր ու զանգեր, իսկ որոշ որմնանկարներ հանուած են պատերէն։
Պաքուն նաեւ կասկածի տակ կը դնէ Դադիվանքին մէջ հայկական կողմի իրականացուցած վերականգնողական աշխատանքները։ Հաճիեւայի խօսքով՝ 1997-2011 թուականներուն Հայաստանի եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միջոցներով աշխատանքներ կատարուած են վանական համալիրին մէջ, իսկ 2014-էն սկսեալ՝ նաեւ որմնանկարներուն վրայ։ Ատրպէյճանցի պաշտօնեան այդ աշխատանքները ներկայացուցած է իբրեւ համալիրին սկզբնական տեսքը փոխած միջամտութիւններ։
