Ֆրանսական Le Figaro թերթը, յղում ընելով Օրէնքի եւ արդարատադութեան Եւրոպական կեդրոնի (ECLJ) արբանեակային պատկերներու հիման վրայ կատարուած զեկոյցին, ներկայացուցած է Արցախի քարտեզէն ջնջուած եկեղեցիները։
Ոչնչացուած եկեղեցիներու թուին մէջ է Հադրութի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, որը կառուցուած է XVIII դարը եւ աւերուած՝ 2022-ին։ Տարածքը մաքրուած է նոր շինութեան կառուցման համար:
2024ին 04 Ապրիլ Շուշիի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին, որը վնասուած էր 2020ին Բաքուի ռմբակոծութիւններու հետեւանքով, նոյնպէս քանդուած է: Կառուցուած ըլլալով 1847ին, աս եկեղցին, որը յայտնի է նաեւ որպէս «Կանաչ Ժամ», ամբողջութեամբ ջնջուած է քարտեզէն, ինչպէս կը տեղեկացնէ Caucasus Heritage Watch ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը՝ հիմնուելով Կոռնել համալսարանի (ԱՄՆ) տրամադրած լուսանկարներու վրայ։
Ոչնչացման մէկ այլ ձեւ է եկեղեցիներու փոխարինումը մահմեդական պաշտամունքին վայրերով: Բերձորի Համբարձման եկեղեցին, որը Բաքուի յուշարձաններու պահպանութեան հասարակական կազմակերպութիւնն առաջարկած էր մզկիթի վերածիլ 2022-ին, ենթադրաբար, ատ նպատակաւ քանդուած է, իսկ տարածքը՝ մաքրուած։
Որոշ եկեղեցիներ յատուկ զրկուած են իրենց քրիստոնեական խորհրդանիշներէն։ Դատելով ատրպէյճանական սոցիալական ցանցերու վրայ տեղադրուած լուսանկարներէն, Շուշիին մայր տաճարին դարպասներէն, գմբեթներէն եւ խաչէն հրեշտակներն են հանուած:
13-րդ դարը կառուցուած Սուրբ Սարգիս եկեղեցին մէջ Բաքուի կառավարութիւնը «վերանորոգման աշխատանքներու» պատրուակով ոչնչացուցած է կրօնական խորհրդանիշները: Սրբատաշ քարէն պատրաստուած երկու պատմական սալերը, որոնք զարդարուած էին քրիստոնեական արուեստի գործերով եւ միջնադարեան հայկական արձանագրութիւններով կոտրուած են, կը յաղորդէ Օրէնքի եւ արդարատադութեան Եւրոպական կեդրոնը (ECLJ):
Ըստ տեղական աղբիւրներու՝ 2019ին կառուցուած եւ օծուած Սուրբ Յովհաննէս Աստուածածին եկեղեցին նոյնպէս վանդալիզմին է ենթարկուած Բաքուի կողմէն: Հեռացուած է նաեւ Տիգրանակերտին Վանքասար եկեղեցիէն վեր խոյացող խաչը, որը կը թուագրուի 7-րդ դարին։
