Ֆրանկոֆոնիայի խորհրդարանական վեհաժողովն ընդունած է «Արցախի հայերու եւ ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ» բանաձեւ

  • by Editbeglari, July 09, 2024 in Լուրեր
285 դիտում

Ֆրանկոֆոնիայի խորհրդարանական վեհաժողովը ընդունած է «Արցախի հայերու եւ Արեւելեան Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ» բանաձեւը։

Բանաձեւին մէջ դատապարտած է 2023ին Սեպտեմբերին Բաքուի ռազմական ներխուժումն Արցախին մէջ, երկրամասի հայ բնակչութեան էթնիկ զտումը, հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ իր աջակցութիւնն է յայտնած Արեւելեան Հայաստանի անկախութեանը եւ ինքնիշխանութեանը:

Հաշուի առնելով Արցախին վրայ Բաքուի՝ 2023ի 19 Սեպտեմբերի հարձակումը, աւելի քան 120.000 հայերու բռնի տեղահանումը եւ Բաքուի կողմէն Արեւելեան Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան շարունակական խախտումները՝ Ֆրանկոֆոնիայի խորհրդարանական վեհաժողովը կոչ կ՚ընէ յարգիլ Արեւելեան Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնն իր սահմաններու մէջ։

Խստօրէն կը դատապարտէ եւ աներկբա աջակցութիւն կը յայտնէ Արեւելեան Հայաստանի անկախութեանը եւ ինքնիշխանութեանը։