Պատմաբան Վահէ Սարգսեան անդրադարձած է Արցախի հայերու կորստեան եւ տեղահանութեան ցաւին՝ նշելով, որ ան կը յիշեցնէ Հայերու ցեղասպանութենէն ետք հայրենազրկուած սերունդներու հոգեբանական ծանր ապրումները։
Ան ընդգծած է, որ հազարաւոր արցախցիներ կորսնցուցած են իրենց տուները, յիշողութիւններն ու հայրենի միջավայրը։ Սարգսեան նաեւ մէջբերած է Գինոսեանի խօսքերը՝ հայրենի հողին նկատմամբ ունեցած սրբազան կապին եւ ազգային յիշողութեան պահպանման մասին։
