Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Արցախի հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Աշոտ Յարութիւնեան յայտարարած է, որ վերջին տարիներուն Պաքուի պատմակեղծարարները կը փորձեն հայկական եկեղեցիներն ու արձանագրութիւնները ներկայացնել որպէս այլ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութիւն։
Անոր խօսքով՝ պատմական փաստերու նման մեկնաբանութիւնները հիմնուած չեն գիտական մեթոտաբանութեան վրայ, այլ կը ծառայեն նախապէս ձեւաւորուած քաղաքական նպատակներու։ Յարութիւնեան շեշտած է, որ մշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւոր նախապայմանը անոր իրական պատմութեան նկատմամբ յարգանքն է, որովհետեւ պատմական ինքնութեան խեղաթիւրումը կը վտանգէ նաեւ ժողովուրդի պատմական յիշողութիւնը։
