Արցախի հարցը կառավարութեան ծրագիրին մէջ՝ ընկերային հարցի մակարդակով

  • by Editbeglari, August 20, 2026 in Լուրեր
84 դիտում

«Միասնութեան թեւեր» կուսակցութեան կառավարման խորհուրդի անդամի թեկնածու Դաւիթ Անանեան քննադատած է ՀՀ կառավարութեան 2026–2031 թուականներու ծրագիրի նախագիծը՝ պնդելով, որ անոր մէջ Արցախի հարցը քաղաքական, անվտանգային եւ միջազգային-իրաւական օրակարգէն կը բերուի հիմնականօրէն ընկերային բնակապահովման խնդրի մակարդակին։

Անանեանի գնահատմամբ՝ ծրագիրին մէջ «Արցախ» բառը չի յիշատակուիր, իսկ արցախահայութեան անվտանգ վերադարձի իրաւունքին, սեփականութեան, մշակութային ժառանգութեան, Պաքուի մէջ պահուող հայերուն, անհետ կորսուածներուն եւ միջազգային դատական գործընթացներուն վերաբերեալ յստակ յանձնառութիւններ չկան։

Ան մտահոգիչ կը համարէ նաեւ կառավարութեան ծրագիրին մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան փոփոխութեան եւ նոր Սահմանադրութեան ընդունման վերաբերեալ դրոյթները։ Ըստ անոր՝ պետութեան կողմէ Եկեղեցւոյ ներքին կառավարման միջամտութիւնը կրնայ յառաջացնել լուրջ իրաւական եւ հասարակական խնդիրներ։

Անոր գնահատմամբ՝ նման մօտեցումը կրնայ թուլացնել Արցախի, արցախահայութեան իրաւունքներու եւ Հայաստանի արտաքին պահանջատիրութեան օրակարգը՝ միաժամանակ երկրի ներքին քաղաքական օրակարգին մէջ առաջնահերթութիւն տալով ազգային հաստատութիւններու վերաձեւաւորման։