Թուրքիոյ նախագահական հաղորդակցութեան վարչութեան Ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարի կեդրոնը (DMM) յայտարարած է, թէ ազգային փոքրամասնութիւններու դպրոցներու կրթական գործընթացներուն նկատմամբ օրէնքով սահմանուած դրոյթներէն զատ նոր սահմանափակումներ չեն կիրառուած։
Իշխանութիւնները կը վստահեցնեն, թէ փոքրամասնութիւններու դպրոցները իբր թէ կը շարունակեն իրենց բնականոն կրթական գործունէութիւնը։ Այդուհանդերձ, յայտարարութիւնը չի վերացներ ազգային փոքրամասնութիւններու, ներառեալ հայկական համայնքին կրթական իրաւունքներուն շուրջ տարիներ շարունակ հնչող մտահոգութիւնները։
Յայտարարութիւնը հրապարակուած է 2026 թուականի Օգոստոս 20-ին։
