Իսրայէլի զինուած ուժերը յայտարարած են, թէ հարուածներ հասցուցած են Լիբանանի հարաւին՝ «Հըզպալլան» մեղադրելով հրադադարի խախտման մէջ։
Լիբանանի պաշտօնական աղբիւրներուն համաձայն՝ Թեպնին քաղաքին մէջ անօդաչու թռչող սարքի հարուածին հետեւանքով մէկ մարդ զոհուած է, իսկ եւս 11 հոգի վիրաւորուած են։ Միեւնոյն ժամանակ, իսրայէլեան լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ ականապատ շէնքի մը մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով երկու իսրայէլացի զինուոր զոհուած է, իսկ եւս եօթը վիրաւորուած են։
Դէպքը տեղի ունեցած է Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ գործող հրադադարի պայմանաւորուածութեան պայմաններուն մէջ, որուն խախտման համար երկու կողմերն ալ փոխադարձաբար մեղադրանքներ կը հնչեցնեն
