Շուշիի մէջ կայացած մեդիաֆորումը՝ քարոզչութեան համատեքստին մէջ․ Աշոտ Յարութիւնեան

  • by Editbeglari, August 17, 2026 in Լուրեր
83 դիտում

Պաքուի վերահսկողութեան տակ գտնուող Շուշիի մէջ կայացած է «IV Կլոպալ Մետիաֆորում»-ը, որուն նիւթերէն մէկը եղած է խաղաղութեան, ճշմարտութեան եւ վստահութեան վերականգնման գործին մէջ լրատուամիջոցներու դերը։

Հայկական կողմի քննադատները ֆորումը կը գնահատեն որպէս Պաքուի կողմէ իրականացուող տեղեկատուական քաղաքականութեան մէկ մասը՝ նշելով, որ ան տեղի ունեցած է Արցախի հայաթափումէն եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան շուրջ շարունակուող մտահոգութիւններու պայմաններուն մէջ։

Միջոցառման մասնակցած են շուրջ 160 ներկայացուցիչներ՝ 54 երկիրներէ։ Քննադատութեան հիմնական թիրախը այն է, որ միջազգային մասնակիցներու ներկայութիւնը կրնայ օգտագործուիլ Պաքուի պաշտօնական քաղաքականութեան միջազգային ճանաչում եւ դրական տեղեկատուական միջավայր ձեւաւորելու նպատակով։

Շուշիի մէջ նման միջոցառումները եւս մէկ անգամ կը շեշտեն տեղեկատուական դաշտին մէջ պատմական փաստերու, մշակութային ժառանգութեան եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու մասին միջազգային իրազեկման կարեւորութիւնը։