Ազգային ժողովի «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեանն ու պատգամաւորները հանդիպած են անհետ կորածներու եւ զոհուած զինծառայողներու ծնողներուն հետ՝ անոնց խնդիրներն ու պահանջները քննարկելու նպատակով։
Հանդիպման ընթացքին ծնողները բարձրացուցած են ընտանիքներուն ընկերային խնդիրները, ինչպէս նաեւ 2023 թուականի Սեպտեմբերեան ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով զոհուած 51 անձերու աճիւններուն արտաշիրիմման եւ նոյնականացման գործընթացը շարունակելու հարցը։ Անոնց խօսքով՝ նախապէս սկսած գործընթացը կիսատ մնացած է։ Քննարկուած են նաեւ վառելանիւթի պահեստին պայթումին հետեւանքով զոհուածներուն ճակատագրին առնչուող հարցեր։
Խմբակցութեան ներկայացուցիչները նշած են, որ հանդիպումներուն ընթացքին պիտի արձանագրեն բարձրացուած խնդիրները եւ հետեւողականօրէն պիտի զբաղին անոնց լուծումով։
